2015-02-06 10:18:29

Գերապայծառ Կարմու` Իրանի եկեղեցին համեստ է ու Աւետարանին հաւատարիմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թեհրանի քաղդէացի եկեղեցւոյ առաջնորդ` Գերապայծառ Կարմու, մամուլին հետ ունեցած մէկ ելոյթի ընթացքին յայտնեց թէ ''Միջին Արեւելքի տագնապը կարելի չէ զէնքի ոյժով լուծել''։
Իրանի մէջ ներկայիս կ’ապրին աւելի քան 70 հազար հաւատացեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր են, 78 միլիոն բնակչութեան վրայ։ Իրանի եկեղեցին առաքելական շրջանէն է։ Աւանդութեան համաձայն հիմնուած է Թովմաս առաքեալի կողմէ։
Խումէյնիի յեղափոխութեան տարիներուն բազմաթիւ քրիստոնեաներ ԱՄՆ փոխադրուեցան, իսկ ուրիշներ նախընտրեցին Իրան մնալ համոզուած ըլլալով թէ անոնց պարտականութիւնն է բարի վկայութիւն տալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.